Վարդան Մամիկոնեան
From Wikipedia
Վարդան Մամիկոնեան Հայ զօրավար մըն էր , որ պարսիկներուն դէմ պատերազմեցաւ պաշտպանելռւ համար իր կրօնքն ու Հայրենիքը:
Պատերազմը տեղի ունեցաւ 451 Թուականին, Հայաստանի Տղմուտ գետին եզերքը եւ Աւարայր դաշտին մէջ, ուր Հայ զինուորները քաջաբար կռուեցան: Հայոց բանակը բաղկացած էր 66,000 զինուորներէ, իսկ պարսիկներու բանակը ՝ 300,000 զինուորներէ. որոնք պաշտպանուած էին նաեւ հսկայ փիղերով: Պատերազմը վերջացաւ ի նպաստ պարսիկներուն, սակայն անոնք չկրցան կրօնափոխ դարձնել Հայերը: